Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի (ԱՍԱԼԱ) հարիւրաւոր համակիրներ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ հայերէնով ու այլ լեզուներով ԱՍԱԼԱ անունը կրող զօրակցական էջեր պատրաստած են, որու համար կը յայտնենք մեր երախտագիտութիւնը: Սակայն այդ կայքերուն մէջ երբեմն կը հրապարակուին ՀԱՀԳԲ-ի սկզբունքներուն հետ որեւէ աղերս չունեցող տեսակէտներ ու կողմնորոշումներ, որոնք կրնան հայ եւ օտար հանրային կարծիքը շփոթեցնել՝ թիւրիմացութեանց առիթ տալով:
Բնականաբար, թշնամական ոյժերը, նաեւ բախտախնդիր անհատներ իրենց մութ առաքելութիւնն ու չարութիւնները կը կատարեն ու պիտի կատարեն: Նման եւ հաւանական այլ շփոթութիւններն ու խարդաւանքները չէզոքացնելու համար կը հրապարակենք այս էջը որպէս ՀԱՀԳԲ-ի քաղաքական կեցուածքներուն, սկզբունքներուն ու պատմութեան սկզբնաղբիւր: Էջէն կրնան օգտուիլ ՀԱՀԳԲ-ով հետաքրքրուող աշխարհասփիւռ բոլոր հայորդիներն ու հետազօտողները։ Ամէն հարցով եւ զօրակցութեան համար մեզի գրեցէ՛ք՝ հոս:
Հայկական նորագոյն ազատագրական պայքարի դրօշակիր ՀԱՀԳԲ-ը (ԱՍԱԼԱ) իր հիմնադրման առաջին իսկ օրէն յենած է միայն իր նուիրեալներուն, հայ ժողովուրդի զօրակցութեան ու նուիրատուութեանց վրայ, եւ միայն այդպիսով յաջողած է ապահովագրել իր անկախ, ինքնուրոյն ու վճռական ուղին։
Պայքարին զօրակցելու համար մեզի գրեցէ՛ք՝ հոս: